2014-09-29 12:02:17

90 թուրք մտաւորականներու հաղորդագրութիւնը` ''հայերու կամ այլ ազգերու դէմ ատելութիւն սերմանող դասագիրքերը հաւաքելու''։


«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ շուրջ 90 թուրք մտաւորականներ, արուեստագէտներ ու ակադեմականներ ստորագրած են հաղորդագրութիւն մը` պահանջելով Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ գործածուած ու հայերու կամ այլ ազգերու դէմ ատելութիւն սերմանող դասագիրքերը հաւաքել եւ հայ աշակերտներէն ներում հայցել` անոնց մէջ հայերուն դէմ գրուած սուտերուն եւ ատելավառ տեղեկութիւններուն համար: «Այս գիրքերը պէտք է հաւաքուին: Երբ մուտք կը գործենք 2015, ա՛յս է դէպի հաշտութիւն ու խաղաղութիւն տանող ճամբան», ըսած են անոնք:
Ստորագրող մտաւորականներէն մէկն է Թաներ Աքչամ, որ արդէն այս հարցը օրակարգի վրայ բերած էր չորս յօդուածներով: Ան ըսած է. «Մեր մտաւորականներուն այս ելոյթը մեզի կը յիշեցնէ, թէ որքա՛ն անհրաժեշտ է պատրաստել դասագիրքեր, որոնք ազգային կամ կրօնական հաւաքականութիւններու միջեւ պիտի քաջալերեն ո՛չ թէ թշնամութեան ու ատելութեան զգացումները, այլ պիտի հրահրեն միասնաբար եւ բարեկամաբար ապրելու փափաքը, որոնք (դասագիրքերը. «Ա.») պիտի խօսին ո՛չ թէ սուտերու մասին, այլ պիտի պատմեն ճշմարտութիւնները: Պատմութեան նկատմամբ պարկեշտ ըլլալը նախապայման է բարեկամութեան ու հաշտութեան համար: Կը սիրեմ յուսալ, որ ստորագրութեան այս արշաւը կ՛ընդունուի իբրեւ հասարակաց ճիչ մը` ի նպաստ այն նոր դասագիրքերուն, որոնց կարօտ ունինք»:
Հաղորդագրութիւնը ստորագրողներուն շարքին են Ատալեթ Աղաօղլու, Ահմետ Ալթան, Ահմետ Հաքան, Ահմետ Ինսել, Այշէ Կիւնայսու, Այշէ Հիւր, Պասքըն Օրան, Ճենկիզ Աքթար, Տարօն Աճեմօղլու, Տենկիր Միր Մեհմետ Ֆուատ, Տենիզ Թիւրքալի, Ֆերհատ Քենթել, Հատի Ուլուէնկին, Հալիլ Պերքթայ, Հասան Ճեմալ, Իսմեթ Պերքան, Մեհմետ Ալթան, Մուրատ Պելկէ, Օրալ Չալըշլար, Օրհան Փամուք, Օյա Պայտար, Էօմեր Լաչիներ, Փերիհան Մաղտեն, Ռոնի Մարկուլիէս, Սելիմ Տերինկիլ, Շահին Ալփայ, Շանար Եուրտաթափան, Թաներ Աքչամ, Ուֆաք Ուրաս, Վետաթ Թիւրքալի, Եասեմին Չոնկար եւ Եաւուզ Պայտար:








All the contents on this site are copyrighted ©.